Հրանտ Նազարյանց | Նամակներ Շուշանիկ Կուրղինյանին


Շուշանիկ Կուրղինյանին
N 1

Ազն. Տիկին
Շուշանիկ Կուրղինեան
Ռոստով

Յարգելի Ընկերուհի!
Ստացեր եմ ժամանակին ձեր երկտողը՝ Թէոդիկին միջոցով ու յիրաւի ամօթապարտ կ'զգամ ինքզինքս այսքան երկար ատեն լուռ մնալու համար: Առօրեայ, հեւիհեւ, յուսախաբութիւններով ու յոյսերով օղակուած կեանքին մէջ օրերը այնքա~ն արագ կը սահին: Կեանքի կռիւը մէկ կողմէն, հոգեկան կռիւները միւս կողմէն յաճախ այնպէս ընկճում են մեզ որ մեր մէջ մեռնում է ամէն բարի տրամադրութիւն: Ու արդէն ի՞նչ է կեանքը, ի՞նչ է մարդը, ի՞նչ է աշխարհը: Ամէ՛ն տեղ տեսայ եսասիրութիւնը իր անբարտաւան ծառացումին մէջ, տեսայ թշուառութիւնը, Չարիքը, եւ այս ամէնուն վրայ թեւատարած Մա~հը… Իտէալը փնտռեցի ու զարնուեցայ միշտ իրականութեան ահաւոր կմախքէն. ու եթէ կար բան մը որ մօտեցուց զիս իտէալին այն ալ Սէրն էր, համամարդկային սէրը, անհուն ու եղբայրական, ոչ միայն մարդերուն այլ նաեւ բոլոր շնչաւոր ու անշունչ էակներուն, բոլորի՛ն, մենաւոր լեռներուն, ամայի ծովերուն, բոյսերուն, ծաղիկներուն, խեղճ թափառիկ թռչուններուն, բոլորի՛ն, նո՛յն անողոք ճակատագրականութեամբ մեռնելու բոլոր դատապարտուածներուն եղբայրութիւնն էր:
Իսկ դուք գրեցէ՛ք, որքան ատեն որ ո՛ւժ ունենան ձեր ձեռքերը դեռ գրիչը խօսեցնելու, երգեցէ՛ք ու եղերերգեցէ՛ք տանջուածներուն համար, երգեցէ՛ք անոնց անտեսուած, մոռցուած կեանքին տռամները զորս մարդկային անգութ եսը ուրացեր է.
Հնչեցուցէ՛ք, ու հնչեցունե՛նք «Արշալոյսի ղօղանջները!
Կարդացի «Ոստան»ի Բ. Գիրքին մէջ ձեր երկու զգայուն քերթուածները: «Ծաղիկ ծախող աղջիկը» հրաշալի էր: Չեմ գիտեր ինչո՞ւ հանդէսներու եւ հաւաքածոներու մէջ ցրուած բազմաթիւ ձեր քերթուածները չէք ուզեր գրքի ձեւով հրատարակել: Կը կարծեմ անոնք կրնան ստուար հատոր մը կազմել: Ես մտադիր եմ մօտ ատենէն հոս ցրուած բոլոր քերթուածներս հաւաքել ու գրքի ձեւով հրատարակել: Շատեր խորհուրդ են տուեր ինձ ընել այդ բանը տարիներէ ի վեր, բայց ես միշտ յամառեր եմ: Չափազանց քննադատ եմ ինծի նկատմամբ, ու այդ բանը զիս պիտի սպաննէ թերեւս:
Ձեր վերջին նամակով խօսած էիք կովկասահայ գրական կեանքի մասին. Պօլսահայ կեանքն ալ դժբաղդաբար մխիթարական ըլլալէ շատ հեռու է: Գրական հանդէս ունենալով, ունինք միայն «Ոստան»ը որ աւելի հաւաքածոյ մըն է: Մեզի պէտք էր գրական լուրջ հանդէս մը, որ շարժում ու կեանք ստեղծէր Մուսաներու աշխարհին մէջ որ կատարեալ մեռելութիւն կը ներկայացնէ: Անշուշտ «Ոստան»ն ալ ունի իր տեղը, իր որոշ արժէքը. բայց ատանկ հանդէս մը ի՞նչ կրնայ ընել երե~ք ամիսը անգամ մը երեւնալով մեր մէջ: Կ'երեւի այս միջոցիս, նոյն դրութիւնն է ամէն տեղ նոյնիսկ Եւրոպայում, բացի Իտալիաէ ուր հոյակապ շարժում մը սկսած է, կատարեալ գրական ապստամբութիւն մը, նոր դպրոցի մը անունով «Ապագայապաշտութեան» դրօշին տակ զոր պարզած է Իտալիոյ է՛ն հոյակապ բանաստեղծներէն մեծ Ֆ. Թ. Մառինէթթի եւ որուն կը հետեւին ամբողջ լեգէոն մը իտալացի ու ուրիշ ազգերէ, բանաստեղծներու, գրագէտներու, նկարիչներու, երաժիշտներու: Հայ իրականութեան գրգիռ մը տալու համար էր որ փորձուեցայ գրքոյկով մը ծանօթացնել այդ շարժումը մերիններուն, առանց անշուշտ որդեգրելու կարգ մը կէտեր իրենց ծրագրէն որոնք անհամապատասխան են իմ աշխարհայեացքիս: Այդ գրքոյկէս օրինակ մը կը խրկեմ ձեզի, ու կը խնդրեմ որ հաճիք ձեր կարծիքը յայտնել Ապագայապաշտութեան մասին զոր հաճոյքով պիտի ուզէի հաղորդել Մառինէթթիի որուն հետ կանոնաւորապէս կը թղթակցիմ եւ կ'աշխատակցիմ ալ իր հանդէսին:
Եսալեմը այս միջոցիս Կարին կը գտնուի (երեք-չորս ամիսէ ի վեր) ու կը յուսամ որ քանի մը շաբաթէն վերադարձած ըլլայ Պօլիս: Ձեր նամակը ժամանակին խրկած եմ իրեն. անշուշտ իրմէ նամակ ստացած էք ցարդ: Եթէ ոչ, մի՛ մեղադրէք զինքը, ցնորելու աստիճան ծանրաբեռնուած է կուսակցական գործերով, ու ամէն կերպով աննախանձելի դրութեան մէջ կը գտնուի. ինծի ալ երբեմն ամիսներով կ'սպասցունէ:
Վերջերս նամակ եմ ստացեր Կարէն Միքայէլեանէն (Հզօրեան) «Գարուն» Ալմանախի խմբագրէն, յունիսին Պօլիս կուգայ: Իսկ դո՞ւք, երբեք չէ՞ք փափաքիր տեսնել մեր Վոսփորը. կարծեմ մի այդպիսի մտադրութիւն ունէիք, գրեցէք այդ մասին:
   Կը վերջացնեմ նամակս, խրկելով ձեզ ընկերական ջերմ բարեւներս: Ձերդ՝
Հրանտ Նազարեանց
Յ. Գ.
Խնդրեմ, կրնայի՞ք խրկել ինծի օրինակ մը Իշխանեանի վերջին գործէն «Կուրղինեան, Նէկրի, եւ Յակոբեան». Եւլն դեռ չեմ տեսած:
Կանխաւ շնորհակալութիւններս: 

N2
Հասցէս՝ Hrand Nazariantz
16-17, Korassandjian Han,
Stamboul- Sirkedji
Constantinople
Ազն. Տիկին Շուշանիկ Կուրղինեան
Ռօստով

Յարգելի քնարակից,
Մեծ հաճոյքով ստացայ «Ոստան»ի հասցէով ինծի ուղարկած «Նոր կեանք»ը եւ Lucifer-ի հատորը, որոնց համար ընդունեցէք ջերմ շնորհակալութիւններս: Ամիսներ առաջ ձեզի երկար նամակ մը գրած էի, որը անպատասխանի մնաց ց'այսօր: Անշուշտ պատասխանած կ'ըլլայիք՝ եթէ ստացած ըլլայիք զայն. հաւանականօրէն նամակս կորսուած է: Շատ ուրախ պիտի ըլլայի եթէ ձեր տրամադիր վայրկեաններուն ազնիւ ըլլայիք յիշելու զիս երբեմն եւ գրէիք ինծի ձեր շրջանի գրական կեանքի մասին, այնպէս ինչպէս  արդէն խոստացած էիք ինծի:
Գարեգինը՝ ինչպէս կարծեմ գրած եմ ձեզի, Հնչակեան շարքերուն մէջ մտած է, ու կ'աշխատի այդ ուղղութեամբ: Բազում ամիսներէ ի վեր գաւառ կը գտնուէր, ինչպէս եւ ցարդ:
Իրմէ հեռագիր ենք ստացած Էրզրումից որ արդէն ան ճանապարհ է ինկած. կ'սպասենք զինքը Պօլիս տասը օրէն: Անտարակոյս կը գրէ ձեզի Պօլիս ժամանումէն վերջ, երկարօրէն:
Եւ դուք ի՞նչ կ'ընեք. երբ լոյս կը տեսնէ ձեր քերթուածներուն նոր հաւաքածոն: Մօտ ատենին կը յուսամ խրկել ձեզի քերթուածներուս առաջին հաւաքածոն, որ կը կրէ «Խաչուած Երազներ» անունը, եւ որ արդէն մամուլի տակ ըլլալով ամիսէ մը կ'աւարտէ տպագրութիւնը:
«Նոր Կեանք»-ին կը մաղթեմ կեանք եւ յարատեւութիւն յաջողութեան հետ: Պարունակութիւնը ճոխ էր եւ հետաքրքրական: Ձեր քերթուածը յուզիչ ու զգայուն էր: Դեռ չը կրցի կարդալ Lucifer-ի հատորիկը: Առիթը կ'ունենամ անշուշտ գրելու ձեզի անոր մասին յաջորդ նամակովս:
Այս ամառ առիթը ունեցայ ծանօթանալու «Գարուն» ալմանախի խմբագրին՝ ընկեր Կարէն Միքայէլեանի հետ որ Պօլիս եկած էր քանի մը շաբաթուան համար:
Անշուշտ իմացած ըլլալու էք «Բագին» գրական շաբաթաթերթի երեւումը: Խմբագիրներն են՝ ես, Լեւոն Սեղբոսեան (Շանթ), Ռ. Լեւոնեան: Թէեւ «Բագին» առժամապէս կը հրատարակուի իբր յաւելուած «Ազատամարտ»-ի, բայց կուսակցական որեւէ ազդեցութեան չէ' ենթարկուած, ըլլալով բոլորովին անկախ: Եվ արդէն քանի մը շաբաթէն ալ բոլորովին կը բաժնուինք «Ազատամարտ»-էն, բոլորովին անջատ հրատարակութիւն մեր վրայ առնելով զայն: Ցարդ երեւցած են չորս թիւ, չորս կը խրկեմ ձեզի վաղուան բօստով: «Բագին»ի կաշխատակցին թրքահայ եւ ռուսահայ լաւագոյն գրողները, ինչպէս նաեւ եւրոպացի յայտնի ու հռչակաւոր գրագէտներ ու բանաստեղծներ: Կը յուսամ երբ թղթատէք «Բագին»-ը յուսախաբ չը պիտի ըլլաք: Կը յուսամ նաեւ որ դուք ալ պիտի աշխատակցիք ու ձեր պատուական օժանդակութիւնը բերեք մեր ձեռնարկին խրկելով մեզի ձեր գեղեցիկ քերթուածներէն շուտով:
Սպասելով՝ կը բարեւեմ ձեզի ջերմապէս ու կը մնամ միշտ Ձերդ՝

Հրանտ Նազարեանց
Կ. Պօլիս, 25 յուն. 1912 
Հրանտ Նազարյանց | Նամակներ Շուշանիկ Կուրղինյանին Հրանտ Նազարյանց | Նամակներ Շուշանիկ Կուրղինյանին Reviewed by ՏԱՐԸՆԹԵՐՑՈՒՄ on февраля 27, 2018 Rating: 5
Технологии Blogger.